2011-12-20 12:31:48

<<Միջին Արեւելքի Հարցը Հայոց Ցեղասպանութեան Հայացքի Ընդմեջէն>> Խորագիր Կրող` Վատիկանի Գաղտնի Փաստաթուղթերու Վրայ Հիմնուած Գիրգը Հրատարակուեցաւ։


Վատիկանի արխիւներու պատասխանատու գերապայծառ Սերժիօ Փականօ անցեալ յուլիսին մամուլին յայտարարած էր որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Վատիկանի գաղտնի փաստաթուղթերը պիտի հրապարակուին։ Արդարեւ <<Միջին Արեւելքի հարցը Հայոց Ցեղասպանութեան հայացքի ընդմեջէն>> խորագիր կրող` ի վերջոյ լոյս տեսաւ այս օրերուս։ Անոր հեղինակկն է Լէչչէ համալսարանի Արեւելեան Եւրոպայի Պատմութլան դասատու Լեհ Բրօֆ Մարգօ Եաքով։ 350 էջերէ բաղկացած այս հատորին մէջ` հիմնուած Վատիկանի գաղտնի արխիւներու վրայ` հրատարակուած են փաստաթուղթեր որ կը վերաբերին 1894-1897 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն դէմ իրականացած ջարդերուն: Գերապայծառ Փականօյի յայտարարութեամբ գիրգը Քաղաքական ոչ մէկ բնոյթ ունի այլ լոկ պատմական է ու հիմնուած պատմական փաստաթուղթերու վրայ։ Այս դիտմամբ նշենք որ Վատիկանը զանազան առիթներով վկայած է Հայոց Ցեղասպանութեան իր ճանաչումը ու այս փաստաթուղթերը կու քան հաստատելու, միջազգային գետնի վրայ, պարզուած անժխտելի իրողութիւնը։
Գիրգին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ ժամանակաշրջանին Հռոմի Լեւոն ԺԳ. պապի յորդորագիրի որ ուղղուած էր սուլթան Ապտուլ Համիտին գթասրտութիւն ցուցաբերելու եւ դադրեցնելու հայերուն դէմ իրականացուող սպանդը: Փաստաթուղթերէն ի յայտ կու գայ նաեւ հայերու ապրած վայրերու ու եկեղեցիներու քարտեսը ու անոնց կործանումը։
Նշենք նաեւ որ ոչ պաշտօնական աղբիւրներէ կ՛իմացուի թէ Թրքական Կառավարութիւնը բաւական ճնշում բանեցուցած է Վատիկանի վրայ գիրքի հրատարակումը կանխարգիլելու նպատակաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.